2015-01-23 12:22:49

Ընտանիքը` աւետարանելու մեծ հաստատութիւն։


«Տէր տացցէ զբան, ոյք աւետարանեն զօրութեամբ բազմաւ»:
Վերջին տասնամեակներուն եկեղեցւոյ եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար հրատապ կարեւորութիւն մը ստացած է աւետարանելու գործը կամ առաքելութիւնը: Աւետարանումի առաքելութիւնը հիմնական է, որովհետեւ կը ցոլացնէ այն բոլոր ջանքերը, զորս եկեղեցին ու նաեւ եկեղեցւոյ հետ կապուած բոլոր հաստատութիւնները պարտաւոր են առնել, որպէսզի կարենան դիմագրաւել ընկերային եւ մշակութային այն բոլոր մարտահրաւէրները եւ ուժեղ փոփոխութիւնները, որոնք իրենց գոյութեան կը սպառնան:
Երբ աւետարանումի մասին կը խօսուի, այս եզրին տակ կը ներփակուին քարոզութիւնը, քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ծիսակատարումը, ժողովրդական բարեպաշտութիւնը եւ մանաւանդ ընտանեկան կեանքի վկայութիւնը: Աւետարանացումը մարտահրաւէր մըն է միայն եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին այլ նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, որպէսզի հռչակէ իր ստացած հաւատքը, եւ վկայէ թէ ինչպէս զայն կ՛ապրի:
Ընտանիքը` աւետարանելու ուժեղ եւ կարեւոր հաստատութիւն մըն է: Ընտանիքի կարեւորութիւնը մեծապէս շեշտուած է` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկիս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, 2013 թուին, «Նոր Աւետարանումը այսօր» հայրապետական պատգամին մէջ, ուր ցոյց կու տայ այն սիրոյ խորհրդաւոր դաշինքը Յիսուսի եւ ընտանիքի միջեւ. « Ընտանիքը, որ Աստուծմէ հաստատուած առաջին եւ էական բջիջն է մարդկային հասարակութեան, մեր Տիրոջ Քրիստոսի կողմէն արժանացաւ այն բարձր պատիւին, որով Ան հաճեցաւ Նազարէթի ընտանիքին մէջ ծնիլ, եւ ամուսնութիւնը՝ որ հարսանեկան սիրոյ եւ կեանքի տիպար հասարակութիւնն է, որմէ ընտանիքը յառաջ կու գայ, բարձրացնել սուրբ Խորհուրդի աստիճանին, արդիւնաբեր կերպով ցուցաբերելով Քրիստոսի եւ իր Եկեղեցւոյ միջեւ սիրոյ խորհրդաւոր դաշինքը»:
Հոգեւոր Տէրը կը շարունակէ ըսելով. « Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովը, ընտանիքը «տնական եկեղեցի» որակած է, շեշտելու համար թէ որքան իւրայատուկ պատասխանատուութեան մը հրաւիրուած է ընտանիքը աւետարանումի առաքելութեան համար, եւ թէ որքան յանձնառու գործ կը դրուի ընտանիքի անդամներուն վրայ, իւրաքանչիւրը ըստ իր իւրայատուկ առաքելութեան, կիրարկելու համար այն եռեակ պարտականութիւնը՝ մարգարէական, քահանայական եւ արքայական, զոր Քրիստոս իր Եկեղեցիին յանձնած է»:
«Նոր Աւետարանումը, կ՛ըսէ Պատրիարքը, մեծ մասամբ կախում ունի տնական եկեղեցիէն։ Այսօր, ընտանիքին հակառակ գաղափարախօսութիւններու տարածումը եւ սեռային բարոյականութեան անկումը, իրարու հետ միշտ սերտ կապակցութիւն մը ունեցած են: Ինչպէս որ Աստուծոյ մերժումի գաղափարը եւ ընտանեկան տագնապները իրարու հետ անմիջական յարաբերութիւն մը ունին, նոյնպէս ալ Նոր Աւետարանումը անբաժանելի է ընտանիքին քրիստոնէական կեանքէն: Ընտանիքը Եկեղեցւոյ ճամբան է. ան «մարդկային տարածք»ն է Քրիստոսի հանդիպելու:
Ամենապատիւ Պատրիարքը կ՛եզրակացնէ իր պատգամը ընտանիքի ըսելով. « Ինչպէս Եկեղեցին, այնպէս ալ ընտանիքը, կոչուած է ընկալելու, ճառագայթելու եւ իր միջավայրին մէջ յայտնելու Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ սէրը: Աստուածային սիրոյ ընդունելութիւնն ու փոխանցումը, ամոլներու փոխադարձ նուիրումին, պատասխանատու որդեծնութեան, զաւակներու խնամքին եւ կրթութեան, գործի եւ ընկերային յարաբերութիւններու, կարօտեալներու հոգատարութեան, եկեղեցային գործունէութեան մասնակցութեան եւ քաղաքական յանձնառութեան մէջ կը կիրարկուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.